2012-06-15 11:55:31

Արեւելքի Եկեղեցիներու Օգնութեան Հասնող` l’Oeuvre d’Orient Բարեսիրական Մարմնի Տարեկան Պատարագը։


Արեւելքի եկեղեցիներու օգնութեան հասնող` l’Oeuvre d’Orient բարեսիրական մարմինը իր տարեկան պատարագը կը մատուցէ Փարիզի մէջ, յառաջիկայ յունիսին։ ( կիրակի 17 յունիսին)։ Ս. Զոհը կը մատուցէ Հալէպի թեմի գաղտիացիներու առաջնորդը՝ գերապայծառ Անթուան Օտօ (Յիսուսեան Միաբանութենէն) ։ Պատարագը կը գլխաւորէ Փարիզի առաջնորդը՝ կարտինալ Վան-դրուա, վիճակաւորը Oeuvre d’Orient բարեսիրական մարմնին։ Ծիսակատարութեան աւարտին՝ մրցանակ մը կը շնորհուի Արեւելքի եկեղեցիներու մասին հրապարակուած լաւագոյն գիրքին։ Oeuvre d’Orient-ի տնօրէն՝ գերապայծառ Բասգալ Կոլնիշի գնահատումով՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները միշտ եղած են խաղաղարար եւ խաղաղութեան ի նպաստ գործիչներ եւ յաճախ հանդիսացած են կամուրջ մը մշակոյթներու միջեւ ու սատարած՝ արաբական մշակոյթի վերազարթօնքին։
l’Oeuvre d’Orient 150 տարիէ ի վեր օգնութեան կը հասնի Արեւելքի քրիստոնեաներուն, եւ մասնաւորապէս՝ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կրօնաւորական միաբանութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան լաւագոյն կերպով կատարել իրենց առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.